2013-10-08 12:09:27

''Կրօնական Ազատութիւն` Տառապող Եկեղեցւոյ Վկայութիւնը''


Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերի երեկոյեան, Միլանոյի համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ կրօնական ազատութեան մասին ''Կրօնական Ազատութիւնը - Տառապող Եկեղեցւոյ Վկայութիւնը'' բնաբանով բանախօսութիւն մը որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Փագիստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Ժոզէֆ Գուդս որ ներկաներուն կը փոխանցէ ''Փագիստանի եւ Ասիայի մէջ տառապող Եկեղեցւոյ անձնական իր վկայութիւնը''։

Իսկ հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5.00ին , Հռոմի Քահանայապետկան Սուրբ Խաչ անուան համալսարանի մօտ նախատեսուած է ''Սեւ օրէնքին զոհերը եւ կրօնի ազատութիւնը Փագիստանի մէջ'' խորագրով դասախօսական նիստ մը որուն ընթացքին Գերապայծառ Ժոզէֆ Գուդսը պիտի զեկուցէ Փագիստանցի քրիստոնեաներուն ապրած դժուար պայմաններուն մասին, մատնանշեով մասնաւորաբար հայհոյանքի դէմ որդեգրուած օրէնքին յառաջացուցած ողբերգական հետեւանքներուն։
Դասախօսութեան ներկայացումը կը կատարէ Տիար Մասսիմօ Իլարտօ , ''Տառապող Եկեղեցի'' Իտալական բարեսիրական հաստատութեան տնօրէնը ։ Վերոյիշեալ դասախօսութեան ելոյթ կ՛ունենան նաեւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ որոնց շարքին` Գերապայծառ Խոսէ Թոմաս Մարթին ՝ Քահանայապետական Սուրբ Խաչ համալսարանի՝ եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղի դասատու։







All the contents on this site are copyrighted ©.